2016-06-29 09:08:00

Երկու պայթումներ` Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ. 36 մեռեալ եւ 146 վիրաւոր


Երէկ երեկոյեան թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ երկու պայթումներ լսուած են Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ: Ականատես մը «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին յայտնած է, որ օդակայանի կառատունէն կրակոցի ձայներ լսուած են:  «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ երկու պայթումները անձնասպանական երկու գործողութիւններ են:

Թուրքիոյ լրատուամիջոցները յատնեցին, որ անմիջապէս փակուած է Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը, եւ հոն գտնուող ճամբորդները փոխադրուած են ապահով վայրեր:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտնած է, որ Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ երկու պայթումներու պատճառով արձանագրուած է 10 մեռեալ: Լրատուամիջոցները կը խօսին 36 մեռեալներու եւ 146 վիրաւորներու մասին. 

Աւելի ուշ, Պոլսոյ նահանգապետը յայտնած է, թէ 3 զինեալներ կատարած են անձնասպանական գործողութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.